Որոնել

2025.03.06 Il monumento del genocidio armeno diventa Monumento Storico della California

Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանը` Քալիֆորնիոյ պատմական կոթող

Յուշարձանը նահանգի պատմական կոթող հռչակելու նախաձեռնութիւնը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի Պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, կը պատկանի Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Պոպ Արչուլետայ

Վերջերս Մոնթեպելլոյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը ներառուեցաւ Քալիֆորնիոյ պատմական կոթողներու ցանկին մէջ եւ այս մասին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 21 փետրուարին` «Պիքնըլ» զբօսայգիի մէջ գտնուող  յուշահամալիրին մէջ կայացած արարողութեան ժամանակ:

Յուշարձանը նահանգի պատմական կոթող հռչակելու նախաձեռնութիւնը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի Պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, կը պատկանի Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Պոպ Արչուլետայի: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն հայերու բնաջնջումը երբեք պէտք չէ մոռցուի,  հաստատելով, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանի ճանաչումը որպէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատմական կոթող` բազմաթիւ քայլերէն առաջինն է: Ան ըսաւ, որ այս յուշակոթողը վկայութիւն է, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ շարունակենք աշխատիլ Արցախէն տեղահանուած աւելի քան100 հազար հայերու համար: Ան ըսաւ, որ սոյն յուշարձանը միայն կառոյց չէ, այլ` մշտական յիշեցում, որ 1915 թուականի իրադարձութիւնները երբեք պէտք չէ կրկնուին: Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Հայկական օրէնսդրական յանձնաժողովի նախագահ Ճան Հայրապետեան  պատմական համարեց սոյն օրը եւ ըսաւ, որ ինք միակ հայն է այս յանձնաժողովին մէջ եւ կրնայ փաստել, որ Սաքրամենթոյի մէջ թէեւ մարդիկ չունին հայկական արիւն, բայց սրտով հայ են, եւ անոնց շնորհիւ` Մոնթեպելլոյի հայկական յուշարձանը ճանչցուեցաւ  որպէս պատմական կոթող:

Ներկայացուցիչներու տան եւ Հայկական յանձնաժողովի անդամ Մարք Կոնզալես երախտագիտութիւն յայտնեց Արչուլետայի, որ հնարաւորութիւն ընձեռած է պահպանելու Մոնթեպելլոյի մեծագոյն եւ ամէնէն հին յուշարձանը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի կառավարիչը եւ քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեսը, որ  նշեց, թէ յուշարձանը հայերուն համար եղած է որպէս տոկունութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան հզօր խորհրդանիշ:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան (Էջմիածին) պատմական անուանեց պահը եւ յայտնեց, որ երեւոյթը ոչ միայն պատիւ է, այլ նաեւ պարտականութիւն` յիշելու, կրթելու եւ երաշխաւորելու, որ պատմական ճշմարտութիւնը երբեք չի ջնջուիր:

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանի ճանաչումը որպէս Քալիֆորնիոյ պատմական յուշակոթող` 20-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը յիշելու եւ յարգելու մեր յանձնառութեան հզօր հռչակագիր է,  աւելցնելով, որ ասիկա յաղթանակ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան արդարութեան ձգտումին, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց,  որոնք այս օրը հնարաւոր դարձուցին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն համար լաւագոյն առիթ է վերահաստատելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ յանձնառութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով Արմէն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ոչ միայն հայ ժողովուրդի տոկունութեան վկայութիւնն է, այլ նաեւ յանդուգն պատասխան` անոնց, որոնք կը ձգտէին ջնջել մեր պատմութիւնը:

Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ այս յուշարձանը որպէս պատմական ճանչնալը ժառանգութիւն է, որ ոչ միայն յարգանքի տուրք է անցեալին, նաեւ կը կրթէ ապագայ սերունդներ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2025, 07:28