Որոնել

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարան Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարան 

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Հռոմի մէջ Հայ Կաթողիկէ համայնքի կեդրոն

չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան:

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան վերջին օրը՝ չորեքշաբթի, 20 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի հրաւէրին, իր պատուիրակութեամբ այցելեց Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարան:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կարճ արարողութեան աւարտին, հոգեւոր տէրը ողջունեց վեհափառ հայրապետին գալուստը՝ նշելով, որ սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն միշտ գոյութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին միջեւ, իսկ համահայկական բնոյթ ունեցող մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու գծով միշտ միասին գործած ենք: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, ուր յաճախակի առիթներով այցելութիւն տուած է: Ան յիշեց կեդրոնի կարեւոր դերակատարութիւնը հոգեւոր ու կրթական մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սերտ գործակցութեան:

Ապա, հոգեւոր տէրը պաշտօնական ճաշկերոյթով պատուեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը: Ճաշկերոյթի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով պատրաստուած ձեռաց խաչ մը նուիրեց հոգեւոր տիրոջ, ինչպէս նաեւ յուշանուէր խաչ՝ Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր Խաչիկ ծ. վրդ. Գույումճեանի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2026, 10:09