Որոնել

«Աւետարանը միայն մէկ է» Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Յուլիս ամսուայ դադարէն ետք 4 օգոստոսին վերսկսան Քահանայապետական ընդհանուր ունկնդրութիւնները` զոր Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց Պօղոս Զ անուան սրահէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Յուլիս ամսուայ աւանդական դադարէն ետք այսօր` 4 օգոստոսին, Վատիկանի Սուրբ Պօղոսի անուան դահլիճին մէջ դարձեալ սկսան չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները, որոնց առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը  շարունակեց մեկնաբանել հեթանոսներու առաքեալ` Սուրբ Պօղոսի գաղատացիներուն ուղղած նամակը որուն մէջ Ան շեշտը կը դնէ շնորհքին  օրէնքին վրայ գերակայութեան ու Խաչեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի ցոյց տուած նոր ճանապարհին վրայ։

Այսօրուան խորհրդածութեան որպէս նիւթ Սրբազան Պապը ընտրեց Սուրբ Պօղոսի Գաղատացիներուն ուղղած նամակէն հետեւեալ հատուածը.

«Կը զարմանամ որ դուք այնքան արագ կը թողուք Այն որ կանչեց ձեզ Քրիստոսի շնորհքով եւ կ՛անցնիք երկրորդ աւետարանի մը. թէպէտ չկայ ուրիշ աւետարան, բայց մարդիկ կան որ ձեր մէջ խռովութիւն կը սերմանեն եւ կ՛այլափոխեն Քրիստոսի Աւետարանը։ Բայց եթէ մենք կամ երկինքէն եկած հրեշտակ մը աւետարանէ ձեզի աւետարան մը` տարբեր անկէ զոր մենք քարոզեցինք, թող նզովեալ ըլլայ։ Ինչպէս որ կանխաւ ըսեր էի ձեզի եւ հիմա դարձեալ կը կրկնեմ, եթէ մէկը քարոզէ ձեզի աւետարան մը տարբեր անկէ զոր դուք ընդունեցաք, թող նզովեալ ըլլայ»։

Սուրբ Պօղոսի քարզելու առաքելութեան խանդավառութիւնը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան դիտել տալով որ Սուրբ Պօղոսը կը խանդավառուի երբ կը խօսի Աւետարանի ու աւետարանութեան առաքելութեան մասին եւ ուրիշ այլ բան չի տեսներ եթէ ոչ Տիրոջ իրեն յանձնած առաքելութիւնը։ Ան նոյնիսկ կը հռչակէ թէ «Քրիստոս զինք չէ ղրկած մկրտելու այլ քարոզելու» աւելցնելով «վայ ինծի եթէ Աւետարանը չի հռչակեմ»։

Հասկնալի է ուրեմն անոր տխրութիւնն ու յուսախաբութիւնը գաղատացիներուն նկատմամբ, որոնք սխալ ճամբայ մը առած են, եւ կ՛ուզեն հետեւիլ նոր քարոզութեան մը. զոր զիրենք պիտի տանի դէպի անդառնալի կէտ մը։

Աւետարանը մէկ է`  Յիսուսին մահն ու Յարութիւնը որպէս աղբիւր փրկութեան

Այս հարցին կորիզը Աւետարանն է։ Սուրբ Պօղոսը չի մտածեր չորս աւետարաններու մասին, ինչպէս մեզի համար սովորական է այսօր։ Արդարեւ երբ ինք այս նամակը կը գրէ չորս աւետարաններէն եւ ոչ մէկը գրուած է տակաւին։

Սուրբ Պօղոսին համար Աւետարանը իր քարոզածն է` այսինքն Յիսուսին մահն ու Յարութիւնը որպէս աղբիւր փրկութեան։

Աւետարան մը որ կ՜արտայայտուի չորս բայերով. Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար եւ սուրբ գրութիւններուն համաձայն, թաղուեցաւ ու երրորդ օրը յարութիւն առաւ» (Ա Կորընթաց 5,3-5)։ Այս աւետարանը լիութիւնն է խոստումներուն ու բոլոր մարդոց նուիրուած փրկութեան։ Ան որ զայն կ՛ընկալէ Աստուծոյ հետ կը հաշտուի ու ընկալուած է որպէս իսկական զաւակ մը եւ պիտի ընդունի յաւիտենական կեանքը։

Կարելի չէ Յիսուս Քրիստոսի աւետարանէն դուրս այլ աւետարան մը ընդունիլ 

Ուստի Գաղատացիներուն մատուցուած այդ մեծ պարգեւին դիմաց առաքեալը կարող չէ բացատրել թէ ինչպէս անոնք կը մտածեն այլ աւետարան մը ընդունիլ։ Ուստի կը յանդիմանէ զանոնք հաստատելով որ Աւետարանը մէկ է ու անիկա իր հռչակած աւետարանն է ու թէ այլ աւետարան մը կարող չէ գոյութիւն ունենալ։ Պօղոս կը հաստատէ թէ իր քարոզածը իսկական ու հարազատ աւետարանն է ոչ թէ որովհետեւ ինք կը քարոզէ զայն այլ որովհետեւ «անիկա Յիսուս Քրիստոսին աւետարանն է»։

Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ հաւատքը փոխզիջումներ չի ճանչնար

Ան արդարեւ նամակին մէջ կը գրէ «Եղբայրներ, ես ցոյց կու տամ ձեզի, թէ Աւետարանը զոր ես քարոզեցի ձեզի, մարդկային չափանիշով չէ։ Որովհետեւ ես չընդունեցայ եւ ոչ ալ սորվեցայ մարդէ մը, այլ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեամբ»։ Ահա թէ ինչու Պօղոսը խիստ խօսքերու կը դիմէ երկու անգամ օգտագործելով նզովեալ բառը։ Մէկ խօսքով Պօղոսը փոխզիջումներ չի ճանչնար երբ հարցը կը հայի Աւետարանին։ Յիսուս Քրիստոսին հանդէպ հաւատքը ապրանք մը չէ, որու շուրջ կարելի է բանակցութիւններ վարել:

Սուրբ Պօղոսին հովուական անհանգստութիւնը զինք կը մղէ խիստ գտնուելու, որովհետեւ կը տեսնէ երիտասարդ քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգը, որոնք բարի մտադրութիւններու բաւիղին մէջ մխրճուած են, եւ որմէ պէտք է դուրս գալ ընկալելու համար գերագոյն ճշմարտութիւնը, որ կը ներկայանայ որպէս աւելիով համահունչ Յիսուսի քարոզութիւն ու անոր Անձին հետ, ինչպէս նաեւ անոր Հօր սիրոյն յայտնութեան հետ։

Աւետարանը Քրիստոսին պարգեւն է

Ասոր համար ըսաւ Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին Սուրբ Պօղոսին վճռական ու յստակ խօսքը առողջ էր Գաղատացիներուն համար և առողջ է նաև մեզի համար: Աւետարանը Քրիստոսին պարգեւն է։ Ինքը անձնապէս մեզի յայտնեց զայն։ Եւ ասիկա մեզի կեանք կը պարգեւէ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2021, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >