Որոնել

«Պենետիկտոս ԺԶ սուր և բարեկիրթ մեծ ուսուցիչ` որ մեզ ուզեց առաջնորդել Յիսուսին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գլխաւորեց 2023 տարուայ առաջին Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտելով Զատորոշումի մասին խորհրդածութիւններուն շարքը որուն աւարտին անգամ մը եւս աղօթք խնդրեց Ուքրանիոյ համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, նախ քան քրիստոնէականը սկսիլը կ՛ուզեմ, որ միանանք այստեղ մօտակայքը գտնուողներուն, որոնք յարգանքի տուրք կը մատուցեն Պենետիկտոս ԺԶին եւ իմ միտքս կ՛ուզեմ ուղղել Անոր` որ եղաւ քրիստոնէականի մեծ ուսուցիչ: Անոր սուր և բարեկիրթ միտքը չեղաւ ինքնայղում, այլ եկեղեցական, քանի որ ան միշտ ուզեց մեզ առաջնորդել Յիսուսին հետ հանդիպումին: Յիսուսը՝ Յարութիւն առած Խաչուածը, Կենդանին և Տէրը, այն նպատակն էր, որուն մեզ առաջնորդեց Պենետիկտոս Քահանայապետը, մեր ձեռքէն բռնելով։ Ան թող մեզի օգնէ Քրիստոսին մէջ վերագտնելու` հաւատալու ուրախութիւնը և ապրելու յոյսը»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց սկիզբ տալ 2023 տարուայ առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, մտաբերելով 31 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ժամը 9,34ին առ հայր վերադարձ կատարած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որուն մարմինը այս օրերուն զետեղուած է Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ եւ որուն Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է վաղը` 5 Յունուարի առաւօտեան ժամը 9,30ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորութեամբ։

Զատորոշումը

Նորին Սրբութիւնը առ այդ նշեց թէ այսօրուայ խորհրդածութեամբ կ՛աւարտէ զատորոշումի մասին խորհրդածութիւններու շարքը ու զայն կ՛ընէ անդրադառնալով այդ զատորոշումը կատարելու օգնութիւններուն վրայ, որոնցմէ մին «հոգեւոր ուղեկցութիւնն է», որ կարեւոր է նախ եւ առաջ ինքնաճանաչումին համար, որ իր կարգին անհրաժեշտ պայման է զատորոշում կատարելու։

Դիւրաբեկութիւնը

Ամենէն առաջ կարեւոր է, որ մենք մեզ ճանաչելի դարձնենք (հոգեւոր) ընկերակցողին, չվախնալ բացայայտելու մեր դերութիւնները ու մեր դիւրաբեկութիւնները, խուսափելու միտումով դատողութիւններէն։

«Դիւրաբեկութիւնը իրականին մէջ մեր իսկական հարստութիւնն է, զոր պէտք է սորվինք յարգել եւ ընկալել, որովհետեւ երբ Ան պարգեւուած է Աստուծմէ մեզ կարող կը դարձնէ քնքշութեան, ողորմութեան ու սիրոյ։ Մեզ կը դարձնէ մարդկային», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ Աստուած մեզ իրեն նման դարձնելու համար ուզեց կիսել մեր դիւրաբեկութիւնը` մարդանալով։

Հոգեւոր ուղեկցութիւնը

«Երբ ընկերակցութիւնը հնազանդ է Սուրբ Հոգիին, ան կ՛օգնէ քօղարկելու նոյնիսկ լուրջ թիւրիմացութիւնները մենք մեր անձին նկատմամբ ունեցած գնահատականի և Տիրոջ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Աւետարանին մէջ Յիսուսին հետ հանդիպած անձերը, սամարացին, Զակքէոսը, Նիկոդէմոսը... վախ չունէին իրենց սիրտը բանալու Անոր, ներկայացնելով իրենց դիւրաբեկութիւնը, եւ այդ ձեւով այս բաժնեկցութիւնը կը դառնայ փրկութեան փորձառութիւնը, ձրիաբար ընկալուած ներում» շարունակեց Քահանայապետը եւ աւելցուց «Երրորդ անձի մը մեր զգացումներն ու ցանկութիւններու մասին խօսիլը կ՛օգնէ նախ եւ առաջ յստակութիւն ընելու մեր մէջ եւ այս մէկը ի լոյս կ՜ընծայէ բացասական մտածումները, որ մեր մէջ կը բնակին, այնպէս ընելով, որ մենք կարողանանք զգալ, որ սիրուած ենք Տիրոջմէն, եւ կարող ենք բարի գործեր ընելու Անոր համար»:

«Ընկերակցողը չի փոխարիներ Տէրը, այլ կը քալէ ընկերակցուած անձին կողքին, կը քաջալերէ զինք լաւապէս հասկնալու իր սրտին մէջ անցուդարձները, այն առանձնաշնորհեալ վայրը ուր Տէրը կը խօսի»։

Ուղեկցութիւնը բեղմնաւոր է, եթէ ապրուած է որդիութեան և եղբայրութեան մէջ:

Մենք կը բացայայտենք, որ Աստուծոյ զաւակներ ենք երբ մենք մեզ կը յայտնաբերենք եղբայրներ, նոյն Հօր զաւակները: Ասոր համար անհրաժեշտ է մաս կազմել ուղեւորութեան մէջ հասարակութեան մը, որովհետեւ առանձին կարելի չէ երթալ Տիրոջ մօտ։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ քիչ կը խօսի, շատ կը լսէ և իր սրտին մէջ կը պահէ, զատորոշումի տիրուհի է: Ան որեւէ անձէ աւելի գիտցաւ գործողութիւններով և ընտրութիւններով, իրականացնել կամքը, զոր Աստուած կ՛արտայայտէր իր սրտին մէջ ։

Ըրէք այն ինչ որ Յիսուս կ՜ըսէ

Մարիամին Յովհաննէս առաքեալի Աւետարանին մէջ պարունակուած մէկ խօսքը կտակ է` լքուած բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն. «Ըրէք այն ինչ որ հրամայէ ձեզի»։ Ըրէք այն ինչ, որ Յիսուս կ՜ըսէ։ Մարիամ գիտէ, որ Տէրը կը խօսի իւրաքանչիւրի սրտին, Ինք կատարեց Անոր կամքը եւ մեզ կը հրաւիրէ նոյնը ընելու։

Տիրոջ ձայնը ճանաչելի է, իւրայատուկ ոճ մը ունի, անդորր ձայն է, որ դժուարութիւններուն մէջ կը քաջալերէ, կը հանդարտեցնէ։ Աւետարանը մեզի յաճախ կը յիշեցնէ չվախնալ. «Մի վախնար» կ՛ըսէ հրեշտակը Մարիամին (Ղուկ 1,30), «Մի վախնար» կ՜ըսէ Յիսուսը Պետրոսին (Ղուկ 5,10), Մի վախնաք կ՛ըսէ հրեշտակը Զատկուայ առաւօտուն հանդիպած կիներուն (Մատթ 28,5)։ Մի վախնար կը կրկնէ Տէրը այսօր մեզի, եթէ մենք վստահինք անոր խօսքին, կեանքի խաղը լաւ պիտի խաղանք ու կարող ենք նաեւ օգնել ուրիշներուն։ Ինչպէս կ՜ըսէ սաղմոսերգուն. «Քու խօսքդ ճրագ է իմ ոտքերուս համար, եւ լոյս իմ ճանապարհիս համար»։

Ուքրանիոյ համար աղօթք եւ մէջբերում Պենետիկտոս ԺԶ խօսքերէն։

Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց չմոռնալ Ուքրանիոյ մէջ ապրուած ողբերգութիւնը ու շարունակել զօրակցութեան ու մտերմիկ մօտիկութեան դրսեւորումները մարտիրոս ուքրանիոյ ժողովուրդին նկատմամբ, որ մեծապէս կը տառապի, «Չի յոգնինք աղօթելէ անոնց համար», «հայցելով խաղաղութեան պարգեւը» ըսաւ Սրբազան Պապը, որ գերմանացի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ յիշած էր վաստակաւոր Քահանայապետին խօսքերը. «Ան, որ կը հաւատայ, երբեք մինակ չէ: Ան որ Աստուած ունի որպէս Հայր, ունի շատ եղբայրներ և քոյրեր: Այս օրերին մենք առանձնայատուկ կերպով կը զգանք, թէ որքան տիեզերական է հաւատքի այս հասարակութիւնը և որ չաւարտիր ոչ իսկ մահով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2023, 09:23

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >