Որոնել

Աւետարանութեան կիրքը. հաւատացեալի առաքելական եռանդը . Հրապարակային ունկնդրութիւններու խորհրդածութիւններու նոր շարքը

«Առաքելութիւնը քրիստոնէական կեանքին թթուածինն է` զայն կը կազդուրէ եւ կը բիւրեղացնէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, թէ ինք խորհրդածութիւններու շարքը կ՛ուզէ սկսիլ Սուրբ Գրութիւններէն ու Եկեղեցւոյ ուսուցումէն, որպէսի ետքը ակնարկէ մի քանի վկաներուն, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ կրկին վառեցին Աւետարանին կիրքը, վերահրահրելով կրակը, զոր Սուրբ Հոգին կ՛ուզէ մշտապէս վառել մեր մէջ։

Առաքեալին կոչումը (Մատթ. 9,9-13)

Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ Տունը սեղան նստած ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 Յունուար 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը եւ այս առթիւ սկիզբ տուաւ Խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը նուիրուած Աւետարանութեան կիրքին եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդին։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կը սկսինք խորհրդածութիւններու նոր շարք մը նուիրուած քրիստոնէական կեանքի հրատապ ու վճռակամ մէկ նիւթին` Աւետարանութեան կիրքը, այսինքն առաքելական եռանդը» ըսաւ Ան սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու հաստատելով, թէ «Աւետարանելը մարդորսորդութիւն ընել չէ` մէկը միւսին հետ կապ չունի, ու թէ «Աւետարանութիւնը էական ոլորտ է Եկեղեցւոյ համար» տրուած ըլլալով, որ «Յիսուսին աշակերտներուն հասարակութիւնը կը ծնի առաքելական ու միսիոնար»։

Դուրս գալ ու վկայել Յիսուսը

«Քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք չէ փակուի ինքնիր մէջ, այլ «դուրս գայ», քաջութեամբ, վկայէ Յիսուսի մասին» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, որուն միջոցաւ քրիստոնեան կարող է լոյս սփռել ամենուրէք, բայց նաեւ կորովին ու եռանդին նուազեցումին, երբ քրիստոնէական կեանքը իր հայեացքը այլուր կը դարձնէ հորիզոնէն եւ կը հիւանդանայ։

Առաքելութիւնը քրիստոնէական կեանքին թթուածին

«Առաքելութիւնը քրիստոնէական կեանքին թթուածինն է` զայն կը կազդուրէ եւ կը բիւրեղացնէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, թէ ինք խորհրդածութիւններու շարքը կ՛ուզէ սկսիլ Սուրբ Գրութիւններէն ու Եկեղեցւոյ ուսուցումէն, որպէսի ետքը ակնարկէ մի քանի վկաներուն, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ կրկին վառեցին Աւետարանին կիրքը, վերահրահրելով կրակը, զոր Սուրբ Հոգին կ՛ուզէ մշտապէս վառել մեր մէջ։

Մատթէոսի կոչումը եւ Յիսուսին Հայեացքը

Սրբազան Պապը շարքը սկսաւ ներկայացնելով Սուրբ Մատթէոսի աւետարանական կոչումը։ Ամէն բան կը սկսի Յիսուսին այդ մարդուն վրայ յղած հայեացքէն, որ զայն կը նկատէ այնպէս ինչպէս որ է, իր թշուառութիւններով եւ մեծութեամբ։ «Այդ հայեացքը` որ գիտէ ճանչնալ իւրաքանչիւր մարդ, ով որ ալ ըլլայ ան, որպէս սիրոյ հասցէատէր, աւետարանութեան կիրքի սկիզբն է» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ «Մատթէոսը ճանչցուած էր որպէս ան, որ մաքսի սեղանին առջեւ նստած էր. Ան մաքսաւոր մըն էր եւ համարուած էր ժողովուրդին դաւաճան եւ մարդոցմէ արհամարհուած։ Յիսուս սակայն կը մօտենայ անոր, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ սիրուած է Աստուծմէ» հաստատեց Քահանայապետը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու, եթէ մենք ալ գիտենք միւսներուն նայիլ այնպէս ինչպէս կ՛ընէ Յիսուսը, առանց նախապաշարումներու, այլ ողորմութեամբ եւ նախասիրութեամբ։ Յիսուս արդարեւ կ՜ըսէ եկած եմ փնտռելու ոչ թէ արդարները այլ մեղաւորները։

Հայեացքին հետեւող շարժումը

Աւետարանական հատուածը կ՛ընդգծէ, որ Մատթէոս ոտքի ելաւ, ան լքեց իր հեղինակութեան եւ իշխանութեան դիրքը եւ ինքզինք հաւասարեցուց իր եղբայրներուն։ Առաջին բանը` զոր Յիսուս կը կատարէ այն է խզել Մատթէոսը իր իշխանութենէն ու զայն դնել իր եղբայրներուն կողքին անոր առջեւ բանալով ծառայութեան հորիզոնները։

«Ուստի ամէն բան կը սկսի Յիսուսին Հայեացքով ապա կայ շարժում մը` Մատթէոս ոտքի կ՜ելլէ, որուն կը հետեւի նպատակակէտ մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա հարց տուաւ. «Իսկ մենք քրիստոնեաներս նստա՞ծ կը մնանք սպասելով, որ մարդիկը մեզի գան կամ մենք ալ գիտենք վեր կանգնիլ եւ ճանապարհորդութեան մէջ դնել մենք զմեզ փնտռելու համար միւսները»։

Նպատակակէտը

Մատթէոս անմիջապէս առաքելութեան չի մեկնիր այլ կ՛երթայ իր տունը, բարեփոխուած, Յիսուսի հետ միասին, ուր կը պատրաստէ մեծ խնճոյք մը, որուն կը մասնակցին այլ մաքսաւորներ։ Անոր առաքելական եռանդը կը սկսի ճիշտ այնտեղէն` ուր ան ապրած էր, մարդոց հետ, զոր կը ճանչնար։

Եկեղեցին կը զարգանայ գրաւչութեամբ

Ահա մեզի ուղղուած պատգամը` պէտք չէ սպասենք, որ կատարեալ ըլլանք եւ Յիսուսին ետեւէին երկար ուղեւորութիւն մը կատարած ըլլանք` զայն վկայելու համար, մեր քարոզչութիւնը կը սկսի այսօր` այնտեղ ուր կ՛ապրինք։ Եւ չի սկսիր միւսները համոզելով կամ մարդորսորդութիւն ընելով այլ ամէն օր վկայելով Սիրոյ գեղեցկութիւնը, որ մեզի նայեցաւ ու մեզ վերականգնեց, ինչպէս մեզի սորվեցուց Պենետիկտոս Պապը. «եկեղեցին դաւանափոխութիւն չի կատարէր: Ան կը զարգանայ գրաւչութեամբ » (Քարոզ ՝ Լատին Ամերիկայի և Քարայիպի եպիսկոպոսներուն Ե Գլխաւոր համաժողովին անդրանիկ պատարագին , Ափարեսիտա, 13 մայիսի 2007 թ.)։

Հաղորդենք ոչ թէ մենք մեզ այլ Յիսուսը

«Այս մէկը չմոռնանք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ ոչ թէ մենք մեզ հաղորդենք այլ Յիսուսը, ապա նշեց թէ, «Այս գրաւիչ և ուրախ վկայութիւնը նպատակն է, որուն մեզի կը տանի Յիսուս իր սիրոյ հայեացքով եւ ելքի շարժումով, որ Անոր Հոգին կը հրահրէ մեր սրտերուն մէջ», եւ մենք «պէտք է մածենք եթէ մեր հայեացքը նման է Յիսուսին հայեացքին մարդիկը գրաւելու համար, զանոնք մօտեցնելու համար Եկեղեցւոյ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մտածել այս նիւթի մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2023, 09:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >