Որոնել

Աւետարանը քարոզելու համար բաւարար չէ բարին վկայելը այլ պէտք է հանդուրժել նաեւ չարիքը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մայրենի լեզուով հռչակումը` Խուան Տիեկոն ու Կուատալուփէի սրբավայրը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդաւորութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 23 օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապը ամարային տաք կլիմայի պատճառաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, որուն ընթացքին շարունակելով անցեալ ամիսներուն սկսած Աւետարանումի կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, խօսքը կեդրոնացուց մայրենի լեզուով հռչակումի կարեւորութեան վրայ, որպէս տիպար ներկայացնելով Սուրբ Խուան Տիեկոն` Կուատալուփի Տիրամօր պատգամաւորը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

Քահանայապետը խորհրդածութիւնը սկսաւ ակնարկելով այն կենդանի ակունքին որ է Կուատալուփէի սրբավայրը, ուր «Տիրամայրը յայտնուեցաւ տեղւոյն աւանդական զգեստներով, խօսեցաւ տեղական լեզուով ու ընկալեց եւ սիրեց տեղական մշակոյթը. Մայրը` որ իր հովանիին տակ տեղ ունի իւրաքանչիւր զաւկի», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Մարիամին մէջ է` որ Աստուած մարմնացաւ ու Մարիամի միջոցաւ ան կը շարունակէ մարմնանալ ժողովուրդներու կեանքին մէջ»։

«Տիրամայրը արդարեւ Աստուած կը հռչակէ ամենապատշաճ լեզուով` որ մայրենի լեզուն է։ Եւ Աւետարանը եւս կը փոխանցուի մայրենի լեզուով» յարեց Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն մարերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք Աւետարանը կը փոխանցեն զաւակներուն եւ թոռնիկներուն։

«Տարբեր իր երեւումներու ընթացքին Տիրամայրը միշտ ընտրած է պարզ մարդիկը` այնպէս ինչպէս Թէփէյաքի բլուրին վրայ այնպէս ալ Լուրտի եւ Ֆաթիմայի մէջ` բոլորին հետ խօսելով իւրաքանչիւրին հասկնալի լեզուն, նման Յիսուսին լեզուին» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ու ասկէ մեկնելով ներկայացուց Կոուատալուփէի Տիրամօր պատգամաւոր` Սուրբ Խուան Տիեկոյի վկայութիւնը։

«Ան հեզ մարդ մըն էր, որուն վրայ հանգչեցաւ Աստուծոյ հայեացքը։ Խուան Տիեկոն հաւատքին մօտեցաւ մեծ տարիքին, երբ ամուսնացած էր։ 1531ի դեկտեմբերին, 55 տարեկանին, մինչ ուղեւորութեան մէջ էր, բլուրի մը վրայ կը տեսնէ Աստուածամայրը, որ զինք քնքուշօրէն կը կանչէ «իմ սիրելի փոքրիկ զաւակս խուանիթօ»։ Ան ապա զինք կ՛առաքէ Եպիսկոպոսին մօտ, անորմէ խնդրելու որ տաճար մը կառուցէ երեւումի վայրին վրայ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

Խուան Տիեկոն` բարի ու տրամադիր, հնազանդելով կ՛երթայ եպիսկոպոսին մօտ ու երկար սպասումէ յետոյ կարելիութիւնը կ՛ունենայ խօսելու Անոր հետ, որ սակայն անոր խօսքերուն չի հաւատար։ Խուան Տիեկոն առ այդ անգամ մը եւս հանդիպելէ ետք Տիրամօր կը քաջալերուի ու դարձեալ կը դիմէ եպիսկոպոսին, որ զայն դարձեալ ունկնդրելէ ետքը անորմէ նշան մը կը պահանջէ ու ետին կ՛ուղարկէ մարդիկ, որ զինք հետապնդեն։

«Ահա ճիգը, հռչակումին ապացոյցը՝ երբ հակառակ եռանդին, անսպասելին կու գայ, երբեմն ալ ճիշտ Եկեղեցիէն։ Արդարեւ հռչակումին համար բաւական չէ լաւի մասին վկայելը, անհրաժեշտ է իմանալ, թէ ինչպէս հանդուրժել չարը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը , շեշտելով թէ «Քրիստոնեան բարիք կ՛ընէ եւ գիտէ չարը հանդուրժել: Երկուքը միասին կ՛ընթանան։ Կեանքը այսպէս է»։

«Այսօր ալ շատ տեղերու մէջ Աւետարանը արմատաւորելու և մշակոյթները աւետարանելու համար անհրաժեշտ է տոկունութիւն և համբերութիւն, անհրաժեշտ է չվախենալ հակամարտութիւններէն, չկորսնցնել գորովը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մտաբերելով տարբեր երկիրներու մէջ հալածուած քրիստոնեաները։

Խուան Տիեկոն յուսահատ Տիրամօրմէ կը խնդրէ որ այս պարտականութիւնը ուրիշին յանձնէ, իրմէ աւելի յարգուած ու կարող մէկու մը, Աստուածամայրը սակայն կը հրաւիրէ զինք յարատեւելու իր առաքելութեան մէջ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

«Տիրամայրը արդարեւ մեզ կը մխիթարէ ու մեզ կը մղէ յառաջ ընթանալու, բարի Մօր մը նման, որ մինչ կը հետեւի զաւկին քայլերուն, զայն կը մղէ դիմագրաւելու աշխարհի մարտահրաւէրները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակելով իր խորհրդածութիւնը նշեց, որ «Տիրամայրը Խուան Տիեկոն կը քաջալերէ ըսելով, որ չի խռովի ու թէ ինք միշտ իրեն կողքին է ապա կը հրահանգէ երթալ բլուրին գագաթը եւ եպիսկոպոսին տանիլ այնտեղէն քաղուած ծաղիկներ»։

Ձմեռ էր եւ հակառակ ասոր Խուան Տիեկոն կը գտնէ գեղեցիկ ծաղիկներ ու զանոնք կը զետեղէ թիկնոցի մը մէջ ու կը նուիրէ Աստուածամօր, որ կը հրաւիրէ զանոնք տանիլ Եպիսկոպոսին։ Խուան Տիեկոն կը կատարէ իրեն հրահանգուածը ու Եպիսկոպոսին առջեւ կը բանայ թիկնոցը, ցոյց տալու համար ծաղիկները ու ահա անոր վրայ կը յայտնուի Տիրամօր նկարը, ճիշտ այդ պատկերը զոր բոլորս կը ճանչնանք` որպէս Կուատալուփի Տիրամայր» յարեց Սրբազան Քահանայապետը։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն   (Vatican Media)

«Աստուծոյ անակնկալները ճիշտ այդպէս կը յայտնուին` երբ կայ տրամադրութիւն ու հնազանդութիւն Ան կը գործէ անսպասելի բաներ, ժամանակներու ու ձեւերու մէջ զոր մենք չենք կրնար ակնկալեր։ Ահա այդպիսով է` որ կառուցուեցաւ Սուրբ Կոյսէն խնդրուած սրբավայրը եւ Խուան Տիեկոն ամէն բան թողելով ինքզինք նուիրեց անոր ծառայութեան, ընկալելով ուխտաւորները ու զանոնք աւետարանելով» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Ահա այն ին որ կը պատահի Մարեմեան սրբավայրերուն մէջ, որ ուխտագնացութիւններու նպատակավայր է, ուր ամէն մին ինքզինք կը զգայ իր տանը մէջ, մօրը տան մէջ։ Այնտեղ աղօթքը կ՛ընկալուի հարազատ ու պարզ կերպով, ժողովրդական ձեւով ու Տիրամայրը կը լսէ մեր լացը ու կը դարմանէ մեր վէրքերը» աւելցուց Սրբազան Հայրը խրախուսելով որ միշտ դիմենք մեր Մօրը` խռովութիւններու ու դժուարութիւններու պահուն, ու նաեւ «այցելենք այս մխիթարութեան և ողորմութեան ովասիսները, որտեղ հաւատքը արտայայտուած է մայրենի լեզուող, որտեղ կեանքի դժուարութիւնները կը դրուին Աստուածամօր գրկին մէջ եւ մարդը առօրեայ կեանքին կը վերադառնայ խաղաղութիւնը սրտին` մանուկներու խաղաղութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2023, 09:18

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >