Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Մոլութիւններ եւ առաքինութիւններ. Զայրոյթը

Զայրոյթով գերակշռուած անձը դժուարաւ կը թաքցնէ այդ ազդակը, զայն կարելի է ճանչնալ, մարմնի շարժումներէն, նախայարձակ վարմունքէն, ծանր շնչառութենէն, մռայլ ու խոժոռուած հայեացքէն....Զայրոյթին հակազդողը բարերարութիւնն է, սրտին բացուածքը, քնքշութիւնն ու, համբերութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 31 Յունուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց Յունուար ամսուայ չորեքշաբթի օրուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու։

Շարունակելով մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւնները` Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց զայրոյթի կիրքին վրայ, որ, ըսաւ Ան «յատկապէս անշուք կիրք է ու մի գուցէ ֆիզիկական տեսանկիւնէն ամենապարզը»։

Զայրոյթը

«Զայրոյթով գերակշռուած անձը դժուարաւ կը թաքցնէ այդ ազդակը, զայն կարելի է ճանչնալ, մարմնի շարժումներէն, նախայարձակ վարմունքէն, ծանր շնչառութենէն, մռայլ ու խոժոռուած հայեացքէն....Անիկա մեզ հանգիստ չի թողուր, ու կը կործանէ մարդկային յարաբերութիւնները» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով` թէ «անիկայ կ՛ արտայայտէ ուրիշներու տարբերութիւնը ընդունելու անկարողութիւնը, յատկապէս, երբ անոր կեանքի ընտրութիւնը մեր ընտրութենէն տարբեր է»։

Եթէ բարկանաք, մի մեղանչէք եւ արեգակը թող մար չմտնէ ձեր բարկութեան վրայ

«Եւ երբ յարաբերութիւնը կը հասնի այլասէրութեան մակարդակի, լուսամտութիւնը կը կորսուի, որովհետեւ զայրոյթի առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան միշտ չէ, որ ժամանակի ընթացքին կը թուլանայ: Այս պատճառաւ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն կը թելադրէ հարցը դիմակայել անմիջապէս. «Եթէ բարկանաք, մի մեղանչէք եւ արեգակը թող մար չմտնէ ձեր բարկութեան վրայ» (Եփես. 4,26)։ Անհրաժեշտ է առ այդ, որ ամէն բան վերջ գտնէ արեւմարէն առաջ։ Եթէ օրուան ընթացքին կարող է, որեւէ թիւրիմացութիւն ծագի եւ երկու անձեր այլեւս իրար չի հասկնար, յանկարծակի իրարմէ հեռու զգալով իրենք զիրենք, պէտք չէ գիշերը յանձնել սատանային։ Որովհետեւ այդ կիրքը մեզ պիտի պահէ արթուն մտածելով պատճառներու և անասելի սխալներու մասին, որոնք երբեք մերը չեն և միշտ ալ ուրիշինը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը:

Ներել ու ներում հայցել

Ան ապա ակնարկեց «Հայր Մեր» աղօթքին որով Յիսուս մեզ կը մղէ աղօթելու` որպէսզի ներուին մեր պարտքերը ու մենք եւս ներենք մեր պարտապաններուն ... բոլորս ալ մեղաւորներ ենք։

Բարեսիրութիւնը, քնքշութիւնը, համբերութիւնը

«Զայրոյթին հակազդողը բարերարութիւնն է, սրտին բացուածքը, քնքշութիւնն ու, համբերութիւնը։ Զայրոյթը սարսափելի կիրք է, անիկայ պատճառ է պատերազմներու ու բռնութեան։ Մենք զայրոյթի յայտնութեան պատասխանատուները չենք բայց պատասխանատու ենք անոր զարգացումին։ Լաւ է որ երբեմն, զայրոյթը ճիշտ կերպով դուրս գայ: Եթէ մարդը երբեք չի բարկանա, եթէ չի վրդովի անարդարութեան դիմաց, եթէ տկար մարդու մը ճնշումին դիմաց, չզգայ իր աղիքներուն մէջ շարժում մը, այդ կը նշանակէ թէ անիկա ոչ մարդկային է եւ ոչ ալ քրիստոնեայ։

Առողջ վրդովմունքը

Գոյութիւն ունի առողջ վրդովմունք եւ Յիսուս զայն փորձարկեց երբ զոր օրինակ վաճառականները վտարեց տաճարէն` անիկայ զայրոյթէն մղուած արարք մը չէր, այլ Տիրոջ տան նկատմամբ նախանձախնդրութիւն։ Հարկ է առ այդ զանազանել զայրոյթը նախանձախդրութենէն։ Ուստի մեզի կը մնայ, Սուրբ Հոգիի օգնութեամբ, գտնել կիրքերուն ճիշտ չափը եւ զանոնք կրթել` որպէսզի ուղղուին դէպի լաւը, դէպի բարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 09:16

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >