Պարգեւները աւելիով կ՛աճին որքանով `որ կը կիսուին. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 22 Յունիս 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի Քահանայապետական գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
«Այսօր շատ մը երկիրներուն մէջ կը յիշատակուի Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը եւ Աւետարանը մեզի կը պատմէ հացերու եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. սկիզբ տալով Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան, զոր կեդրոնացուց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան հատուածին վրայ (Ղուկ. 9,11-17)։
«Կերակրելու համար հազարաւոր մարդիկը, որոնք եկած էին մտիկ ընելու եւ բուժում հայցելու, Յիսուս կը հրաւիրէ Առաքեալները իրեն ներկայացնելու այն քիչը որ ունին, կ՛օրհնէ հացերն ու ձուկերը եւ կը հրամայէ բաժնել բոլորին։ Արդիւնքը զարմանալի է. ոչ միայն բոլորը բաւարար սնունդ ստացան, այլեւ բաւականաչափ սնունդ ալ աւելցաւ (տե՛ս Ղուկաս 9։17)» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «Հրաշքը, հրաշալիութենէն անդին «նշան» է և մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ պարգևները, նոյնիսկ ամենափոքրերը, աւելիով կ՛աճին այնքանով` որ անոնք աւելիով կը կիսուին»։
«Մենք սակայն այս մէկը կարդալով Սուրբ Հաղորդութեան տօնին օրը, կը խոկանք աւելի խոր իրականութեան մը մասին» շարունակեց Սրբազան Պապը ակնարկելով Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ բաժնեկցութեան.
«Ան, Արարիչը, որ մեզի կեանք պարգեւեց, մեզ փրկելու համար իր արարածներէն մէկէն խնդրեց, որ դառնայ իր մայրը, որ իրեն պարգեւէ դիւրաբեկ մարմին մը, սահմանափակ, մահացու, մեր մարմնին նման, մանուկի նման յանձնուելով անոր։ Այսպիսով Ան մինչեւ վերջ կիսեց մեր աղքատութիւնը, ընտրելով զայն օգտագործել, մեզ փրկելու համար, ճիշտ այն քիչ բանէն` որ մենք կարող էինք անոր նուիրել» նշեց Սրբազան Քահանայապետը` ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց մտածել` թէ «որքան գեղեցիկ է երբ նուէր մը ընենք` տեսնել թէ զայն ստացողը կը գնահատէ զայն«։
«Որքան ուրախ ենք երբ զգանք որ նաեւ պարզութեան մէջ այդ նուէրը մեզի աւելիով կը միացնէ անոնց` որ կը սիրենք» աւելցուց Քահանայապետը ու հաստատեց թէ «Հաղորդութեան մէջ ալ այս բանը կը պատահի Աստուծոյ եւ մեր միջեւ. Տէրը կ՛ընկալէ, կը սրբացնէ կ՛օրհնէ հացն ու գինին, զոր մենք կը դնենք Խորանին վրայ, մեր կեանքի մատաղին հետ միասին, ու զանոնք կը կերպարանափոխէ Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան, սիրոյ զոհաբերում աշխարհի փրկութեան համար»։
«Աստուած մեզի կը միանայ ուրախութեամբ ընկալելով այն ինչ, որ կը կրենք ու մեզի կը հրաւիրէ իրեն միանալու` նոյն ուրախութեամբ ընդունելով ու կիսելով անոր սիրոյ պարգեւը։ Այսպիսով, կ՛ըսէ Սուրբ Օգոստինոսը, այնպէս ինչպէս «իրար միացած մանանեխի հատիկներով կը կազմուի միակ հաց մը, սիրոյ ներդաշնակութեան մէջ կը կազմուի Քրիստոսի միակ մարմինը» (Քարոզ 229/A, 2», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. որ խորհրդածութեան աւարտին ակնարկեց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով երեկոյեան տեղի ունենալիք արարողութիւններուն։
«Սիրելիներ` այսօր երեկոյեան մենք պիտի կատարենք Սուրբ Հաղորդութեան Թափօրը։ Միասին պիտի մատուցենք Սուրբ Պատարագ, ապա մենք մեզ պիտի դնենք ուղեւորութեան մէջ Սուրբ, Հաղորդութիւնը տանելով մեր քաղաքի փողոցներու երկայնքով։ Պիտի երգենք, աղօթենք և վերջապէս պիտի հաւաքուինք Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին առջև՝ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելու` մեր տուներուն, մեր ընտանիքներուն և ողջ մարդկութեան համար» ըսաւ Քահանայապետը մաղթելով` որ «այս տօնակատարութիւնը ըլլայ մեր յանձնառութեան պայծառ նշանը՝ որպէսզի ամէն օր, մեկնելով Խորանէն եւ Տապանակէն, ըլլանք մէկը միւսին համար հաղորդութեան և խաղաղութեան կրողները` սիրոյ եւ բաժնեկցութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ