Որոնել

Կարելի չէ Աստուած աղօթել որպէս Հայր ապա կարծր ու անզգամ ըլլալ միւսներուն նկատմամբ. Լեւոն ԺԴ

Տէրը միշտ ալ մտիկ կ՛ընէ մեզի երբ մենք անոր աղօթենք, իսկ երբ անգամներ Ան կը պատասխանէ դժուար հասկնալի ժամանակներով ու ձեւերով, պատճառը այն է` որ Ան կը գործէ իմաստութեամբ եւ աւելի մեծ նախախնամութեամբ, որոնք աւելի անդին են մեր հասկացողութիւններէն։ Ասոր համար այդ պահերուն մէջ եւս չի դադրինք աղօթելէ վստահութեամբ, Անոր մէջ մենք պիտի գտնենք միշտ լոյս եւ ուժ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 27 Յուլիս 2025-ի կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, որ անցեալ երեքշաբթի օր Քասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն վերադարձաւ Վատիկան, Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը գլխաւորեց Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, ի ներկայութեամբ բազմահազար հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու, որոնք աղօթքին հետեւեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակէն ու նաեւ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։

Հայր մեր աղօթքը

Աւանդութեան համաձայն Նորին Սրբութիւնը աղօթքէն առաջ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, մեկնաբանելով օրուան աւետարանը, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ. 11,1-13) ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ «Հայր մեր» աղօթքը, որ «կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաները» ըսաւ Քահանայապետը նկատել տալով, թէ ինչպէս այդ աղօթքին մէջ Տէրը Աստուած կը կոչէ «Հայր», նման մանուկներուն, «պարզութեամբ, որդիական վստահութեամբ, արիութեամբ ու սիրուած ըլլալու հաւաստիութեամբ»։

Աստուծոյ հայրութիւնը

«Արդարեւ այնքան աւելի մեծ վստահութեամբ մենք աղօթենք մեր Երկնաւոր Հօր, այնքան աւելով մենք մեզ կը բացայայտենք, թէ սիրուած զաւակներ ենք ու աւելիով կը ճանչնանք Անոր սիրոյ մեծութիւնը», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն խօսքը ու նշելով, որ այսօրուան աւետարանը կը նկարագրէ Աստուծոյ հայրութեան յատկութիւնները, մի քանի յուզիչ պատկերներու միջոցաւ, մարդուն` որ գիշերուայ կէսին կ՛ արթննայ՝ ընկերոջ օգնելու, դիմաւորելու համար անսպասելի հիւր մը, եւ ծնողի մը, որ կը մտահոգուի իր զաւակներուն բարի բաներ մատուցելով։

Չի դադրինք Աստուծոյ դիմելու վստահութեամբ

«Այս երկու պատկերները մեզի կը յիշեցնեն, որ Աստուած երբեք իր թիկունքը չի դարձնէր երբ անոր կը դիմենք, նոյնիսկ եթէ ուշ հասնինք ու թակենք անոր դուռը, մի գուցէ սխալներ գործելէ ետք, բաց թողուած հնարաւորութիւններէ եւ ձախողութիւններէ ետքը եւ նոյնիսկ եթէ Ան մեզ դիմաւորելու համար ստիպուած ըլլայ «արթնցնել» տան մէջ քնացող Իր զաւակները», ըսաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով, որ «Տէրը միշտ ալ մտիկ կ՛ընէ մեզի երբ մենք անոր աղօթենք, իսկ երբ անգամներ Ան կը պատասխանէ դժուար հասկնալի ժամանակներով ու ձեւերով, պատճառը այն է` որ Ան կը գործէ իմաստութեամբ եւ աւելի մեծ նախախնամութեամբ, որոնք աւելի անդին են մեր հասկացողութիւններէն։ Ասոր համար այդ պահերուն ալ չի դադրինք աղօթելէ վստահութեամբ, Անոր մէջ մենք պիտի գտնենք միշտ լոյս եւ ուժ» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

Իրար զիրար սիրել Քրիստոսի մէջ

«Հայր մերը աղօթելով բացի աստուածային որդիութեան շնորհքը տօնախմբելէն մենք կ՛արտայայտենք նաեւ յանձնառումը համապատասխանելու այդ պարգեւին, իրար զիրար սիրելով Քրիստոսի մէջ», շարունակեց Սրբազան Պապը, ազդարարելով, որ «կարելի չէ Աստուած աղօթել որպէս Հայր ապա կարծր ու անզգամ ըլլալ միւսներուն նկատմամբ։ Այլապէս, կարևոր է թոյլ տալ, որ վերափոխուինք Անոր բարութեան, Անոր համբերութեան, եւ Անոր ողորմածութեան միջոցաւ, որպէսզի հայելիի նման արտացոլենք անոր դէմքը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ մատնանշելով` որ «այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի կը հրաւէրէ մենք մեզ զգալու սիրուած ու սիրելու ինչպէս Աստուած կը սիրէ, աղօթքի ու բարեսիրութեան մէջ, ըլլալով տրամադիր, հայեցողութեամբ, փոխադարձ հոգատարութեամբ, առանց հաշուարկներու։ Խնդրենք Մարիամէն` որ գիտնանք ինչպէս պատասխանել կոչին, դրսևորելու համար Հօր դէմքի քաղցրութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2025, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >