Լեւոն ԺԴ. Ո՛չ «Առիթներու քրիստոնեաներուն», բերէք Աւետարանը առօրեայ կեանքին մէջ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, 6 յուլիսին, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական Պալատի իր գրասենեակին պատուհանէն Լեւոն ԺԴ. Պապը արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ու ներկայացուց խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը՝ քաղուած Ղուկասի աւետարանէն ուր կը խօսուի աշակերտներու առաքումի մասին. Տէրը ուրիշ եօթանասուներկու հոգի ալ ընտրեց ու երկու երկու ու զանոնք իր առջեւէն ղրկեց, այն բոլոր քաղաքները ու տեղերը՝ ուր Ինք պիտի երթար»։ Ղուկա 10,1-12.17-20)։ Սուրբ Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ հայատեացներուն փոխանցած խորհրդածութեան մէջ քահանայապետը ըսաւ.
«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ այն առաքելութեան կարեւորութիւնը, որուն բոլորս կանչուած ենք, իւրաքանչիւրս իր կոչումին համաձայն ու այն շօշափելի իրավիճակներուն մէջ, որուն մէջ Տէրը մեզ դրաւ։
Յիսուս 72 առաքեալները կը հրաւիրէ։ Այս խորհրդանշական թիւը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Աւետարանի յոյսը ուղղուած է բոլոր ժողովուրդներուն.
Սա Աստուծոյ յատուկ սիրտի լայնութիւնն է, Անոր առատ բերքը, այսինքն այն աշխատանքը, որ Ան կը կատարէ աշխարհի մէջ, որպէսզի իր բոլոր զաւակները հասնին Իր Սիրով ու փրկուին։
Միաժամանակ Յիսուս կ՝ըսէ. « Հունձքը շատ է բայց մշակները սակաւաթիւ։ Աղօթեցէք Հունձքի Տիրոջ, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար։ (v. 2).
Մէկ կողմէ Աստուած ինչպէս սերմնացան, առատաձեռներէն աշխարհի մէջ դուրս ելաւ ցանելու համար ու մարդու եւ պատմութեան մէջ դրաւ անսահման, լիարժէք կեանքի, փրկութեան փափաքը, աշխարհը ազատելու համար։ Եւ այսպէս բերքը առատ է, Աստուծոյ արքայութիւնը որպէս սերմ կը ծլի աշխարհի մէջ եւ այսօրուան այր մարդիկ ու կանայք՝ երբ կը թուի թէ ճնճուած են շատ բաներով, կը սպասեն աւելի մեծ ճշմարտութեան, կը սպասեն աւելի լիարժէք իմաստ իրենց կեանքին համար, կը փափաքիմ արդարութիւն, իրենց մէջ կը կրեն յաւերժական կեանքի իղձ։
Միւս կողմէ սակայն քիչ են մշակները, որոնք կ՝երթան աշխատելու համար Տիրոջ կողմէ ցանուած դաշտին մէջ, եւ նախքան այդ անոնք ընդունակ են Յիսուսի աչքերով ճանչնալու բերքահաւաքի պատրաստ բարի ցորենը, (Յովհ 4,35-38).
Կայ մեծ բան մը, որ Տէրը կ՝ուզէ կատարել մեր կեանքի եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ, սակայն քիչեր են, որ գիտակցին անոր եւ որ կանգ կ՝առնեն պարգեւը ստանալու համար ու անոր մասին աւետեն եւ փոխանցեն ուրիշներուն։
Սիրելի եղբայրներ եւ քորեր, եկեղեցին ու աշխարհը կարիքը չ՝ունի մարդոց որ կը կատարեն իրենց կրօնական պարտականութիւնները՝ ցուցադրելով իրենց հաւատքը, որպէս արտաքին պիտակ. Այլ անոնք կարիքը ունին առաքելութեան դաշտին մէջ աշխատող եռանդուն աշխատողներու, սիրահարուած առաքեալներուն, որոնք կը վկայեն Աստուծոյ արքայութեան մասին հոն ուր որ կը գտնուին։ Թերեւս չեն պակսիր «առիթներուն քրիստոնեաները» որոնք երբեմն տեղ կու տան լաւ կրօնական զգացումին կամ կը մասնակցին կարգ մը միջոցառումի, սակայն սակաւաթիւ են անոնք որոնք պատրաստ են աշխատելու Աստուծոյ դաշտին մէջ աւետարանի սերմը մշակելով իրենց սիրտին մէջ ՝ո անիկա բերելով առօրեայ կեանքի, աշխատանքի եւ ուսմունքի վայրերուն մէջ, ընկերային տարբեր շրջանակներուն մէջ ինչպէս նաեւ կարիքաւորին մօտ։
Այս կատարելու համար պէտքը չկայ բաւական տեսական գաղափարներու, հովուական ծառայութեան վերաբերալ, այլ նախ եւ առաջ պէտքը կայ աղօթելու բերքի տիրոջ։ Նախ եւ առաջ կայ Տիրոջ հետ յարաբերութիւնը, մշակել Անոր հետ երկխօսութիւն։ Հետեւաբար Ան մեզ պիտի պիտի դարձնէ իր աշխատաւորները ու մեզ պիտի ուղարկէ աշխարհի դաշտին մէջ որպէս Իր Արքայութեան վկաներ»։
Լեւոն ԺԴ. Պապը եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը, հրաւիրելով հայցելու Տիրամայրէն, որ բարեխօսէ մեզի համար ու ընկերանայ Տիրոջ հետեւելու ուղեւորութեան մէջ, որպէսզի մենք եւս կարողանաք դառնալ Աստուծոյ արքայութեան ուրախ աշխատողներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ