Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Աստուած դրան մօտ է եւ դուռը կը զարնէ

Լեւոն ԺԴ. Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը զոր արտասանեց Քասթել Կանտոլֆոյի Ազատութեան հրապարակին վրայ ներկայութեամբ կրօնական, քաղաքական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 20 յուլիսին, կէսօրին, Ալպանօ գիւղաքաղաքի մայր տաճարէն ներս սուրբ Պատարագ մատուցանելէ ետք, կէսօրին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը, քահանայապետական ամարանոցի կից գտնուող Ազատութեան հրապարակէն արտասանեց Մարեմեան Կիրակնօրեայ աղօթքը ու ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը ու խօսքը կեդրոնացնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն հրաւիրեց մտածելու հիւրընկալութեան մասին, որպէս հիմնարար արժէք, շեշտելով որ հիւրընկալութիւնը փոխադարձ ժեսթ մըն է Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Աբրահամի եւ Սարայի օրինակը՝ որոնք վեհանձնութեամբ ընդունեցին հիւրերը, մեզի կը յիշեցնէ, որ հիւրընկալութիւնը հաւատքի եւ վստահութեան դրսեւորում է, որ կը բանայ կեանքի եւ շատ ստանալու հնարաւորութիւններուն առջեւ ու օրուան ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ խորհելու նաեւ Յիսուսի հիւրընկալութեան մասին, որ կը դառնայ մեր հիւրն ու ծառան, ինչպէս նաեւ ճանչնալու , որ Աստուած, մեր Տէրը ըլլալէ անդին, կը ներկայանայ, որպէս հիւր իւրաքանչիւրիս դրան մօտ խնդրելով որ զինք ընդունինք։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը նշեց որ Ղուկասի Աւետարանին մէջ (10,38-42), Մարթան եւ Մարիամը կը ներկայանան երկու տարբեր վերաբերմունքով, Յիսուսի հետ հանդիպումի ընթացքին. Մարթան զբաղած ըլլալով ծառայութիւններուն մէջ՝ պահու իմաստը կորսնցնելու վտանգի տակ է, մինչ՝ Մարիամը նստած Յիսուսի ոտքերուն մօտ, կը բացուի Անոր խօսքին եւ յարաբերութեան առջեւ ։
Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ հրաժարելու մեր սեփական բացառիկ գործունէութիւններէն, մտնելու համար Աստուծոյ հետ խոր եւ ուրախալի յարաբերութիւններուն մէջ, որ կը յայտնուի ունկնդրութեան եւ հիւրընկալութեան մէջ։ Լեւոն ԺԴ. Պապ նշեց որ ամառուան ժամանակը իր դանդաղ կշռոյթով, կարող է մեզ օգնել դանդաղելու եւ ժամանակ գտնելու ունկնդրութեան, խորհրդածութեան եւ հիւրընկալութեան։

Իսկական արձակուրդի փորձառութիւնը ոչ միայն նիւթական փորձառութիւններ են, այլ անշահախնդիր հանդիպումներ են Աստուծոյ, ուրիշներուն եւ բնութեան հետ։ Դա հնարաւորութիւն է սորվելու հիւր ըլլալու արուեստը՝ ընդունելով եւ շնորհելով հիւրընկալութիւն, որովհետեւ միայն այս ձեւով կրնանք բացայայտել թէ որքան շատ բաներ կը տրուի մեզի որպէս պարգեւ։

Աբրահամի եւ Սարայի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, որ նաեւ ծերութեան մէջ կարող ենք պտղաբեր ըլլալ, հանգստութեամբ եւ վստահութեամբ ընդունելով Տէրը։ Մարիամը, Աստուածամայրը հիւրընկալութեան կատարեալ օրինակն է։ Ան իր արգանդին մէջ հիւրընկալեց Բանը, Ան Յիսուսի համար տուն ստեղծեց ու մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքը դարձնելու բոլորին համար բաց տուն մը։ Եկեղեցւոյ կոչումն է ըլլալ հիւրընկալ տուն, պատրաստ ընդունելու եւ վկայելու Աստուծոյ սէրը հիւրընկալութեան շօշափելի ժեսթերու միջոցաւ։

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց ընդգծելով որ հիւրընկալութիւնը կը պահանջէ խոնարհութիւն, նուիրուածութիւն եւ ուշադրութիւն։ Հիւրընկալութիւնը ժեսթ մըն է, որ մեզ կը հարստացնէ ու կը կերպանափոխէ՝ մեր կեանքը դարձնելով աւելի լիարժէք եւ ուրախալի։ Հիւրընկալութիւնը հրաւէր է դանդաղելու եւ աւելի խոր ապրելու , բացուելով Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդիպումին առջեւ, որովհետեւ լոկ այսպէս կարող ենք բացայայտել մեզ սպասող իսկական հարստութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2025, 11:01

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >