Որոնել

2025.11.02 Angelus

Ոչ մէկը պիտի կորսուի։ Սուրբ Կոյսը թող մեզի սորվեցնէ յոյս ունենալ։ Լեւոն ԺԴ. Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը

«Առանց Յիսուսի յիշողութեան, այսինքն անոր կեանքի, մահուան ու յարութեան յիշատակին, իւրաքանչիւր կեանքի հսկայական գանձը մատնուած է մոռացութեան։ Իսկ Յիսուսի կենդանի յիշողութեան մէջ նոյնիսկ ան որ չի յիշեր, նոյնիսկ ան, որ պատմութենէն ջնջուած է, կը յայտնուի իր անվերջ արժանապատւութեամբ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 2 Նոյեմբերին լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ օր մեռելոցը` այսինքն ննջեցեալներու յիշատակումի օրը, որուն առիթով սովորութիւն է այցելել գերեզմանատուներ եւ աղօթել ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար, այն ինչ որ պիտի կատարէ նաեւ Լեւոն ԺԴ.ը, այսօր կէսօրէն ետքը, այցելելով Հռոմի Վերանօ անուամբ պատմական գերեզմանատունը, այնտեղ մատուցելով հոգեհանգստեան սուրբ պատարագը։

Սոյն պատարագէն առաջ Սրբազան Պապը կէսօրուայ ժամը 12-ին աւանդութեան համաձայն Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց խորհրդածութիւն մը զոր կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին ու յարութեան յոյսին վրայ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աստուծոյ մտահոգութիւնն է որ ոչ ոք յաւերժ կորսուի

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի կիրակի։ Խաչուած Յիսուսի յարութիւնը նոյեմբեր ամսուայ այս սկիզբի օրերուն կը լուսաւորէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ճակատագիրը» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով Յիսուսին խօսքերը. «Այս է կամքը Անոր` որ զիս ղրկեց, որ այն ամէնքը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը» (Յովհ. 6։39)»:

«Այսպիսով, Աստուծոյ մտահոգութիւններու էութիւնը պարզ է. Այն է` որ ոչ ոք յաւերժ կորսուի, որ իւրաքանչիւր մարդ ունենայ իր տեղը և փայլի իր եզակիութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը նշելով, որ այս խօսքերը «խորհուրդն են` զոր մենք տօնախմբեցինք երէկ` Ամենայն Սրբոց տօնին օրը, որ կը պարունակէ հաղորդութեան իղձը մասնակցելու Աստուծոյ կեանքին։

«Անիկա իղձն է` որ դրոշմուած է իւրաքանչիւր մարդ էակի սրտին մէջ, որ կը հայցէ ճանաչում, ուշադրութիւն եւ ուրախութիւն» ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով, որ «այսօր նշուող ննջեցեալներու յիշատակումը մեզ աւելիով մօտիկ կը դարձնէ այդ խորհուրդին»։

Ննջեցեալներու  օրը  մարտահրաւէր է մարդկային յիշողութեան, որ թանկարժէք եւ դիւրաբեկ է

«Արդարեւ Աստուծոյ ոչ մէկը կորսնցնելու հոգատարութիւնը, մենք կը զգանք ամէն անգամ, երբ մահը, կարծես, մեզ կը ստիպէ ընդմիշտ կորսնցնել ձայն, դէմք, եւ ամբողջ աշխարհ մը։ Իւրաքանչիւր մարդ, ըստ էութեան, ամբողջ աշխարհ մըն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ննջեցեալներու այս օրը սահմանելով օր` որ «մարտահրաւէր է մարդկային յիշողութեան, որ թանկարժէք եւ դիւրաբեկ է»։

«Առանց Յիսուսի յիշողութեան, այսինքն անոր կեանքի, մահուան ու յարութեան յիշատակին, իւրաքանչիւր կեանքի հսկայական գանձը մատնուած է մոռացութեան։ Իսկ Յիսուսի կենդանի յիշողութեան մէջ նոյնիսկ ան որ չի յիշեր, նոյնիսկ ան, որ պատմութենէն ջնջուած է, կը յայտնուի իր անվերջ արժանապատւութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Յիսուս` քարը զոր կառուցողները մէկդի դրին, այժմ անկիւնաքար է, եւ ասիկա զատկական աւետիսն է, որուն բերումով քրիստոնեաները կը յիշեն իրենց մեռեալները պատարագի ընթացքին, եւ այդ աւետիսէն է` որ կը բխի այն յոյսը թէ ոչ մէկը պիտի կորսուի։

Գերեզմանատուներ այցելութիւնը հրաւէր է յիշելու եւ սպասելու 

«Թող մեր այցելութիւնը գերեզմանատուն, ուր լռութիւնը կ՛ ընդհատէ գործունութեան խելայեղութիւնը, մեզ բոլորիս համար ըլլայ հրաւէր՝ յիշելու և սպասելու: «Ես կը սպասեմ մեռելներու յարութիւնը և գալիք աշխարհի կեանքին», - կ՛ըսենք Հաւատոյ դաւանանքին մէջ։ Ուրեմն, յիշենք ապագան: Մենք փակուած չենք անցեալին մէջ, կարօտի արցունքներուն մէջ: Եւ ոչ ալ կնքուած ներկայի մէջ, ինչպէս գերեզմանատան մը մէջ: Յիսուսին մտերմիկ ձայնը` թող հասնի մեզի և հասնի բոլորին, քանի որ ան միակն է, որ կու գայ ապագայէն: Ան մեզ կը կոչէ մեր անունով, մեզի համար տեղ կը պատրաստէ, մեզ կ՛ ազատէ անօգնականութեան զգացումէն, որով մենք կ՛ապրինք կեանքէն հրաժարելու վտանգը» ըսաւ ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը հայցելով որ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ «Աւագ Շաբաթ օրուայ կինը», մեզի կրկին սորվեցնէ յոյս ունենալ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2025, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >