Մանուկները եւ մանկական աշխատանքի աղէտը. Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Ծննդեան եւ ամանորի տօնակատարութիւններու առթիւ հակիրճ դադարէ մը ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը, չորեքշաբթի 8 Յունուար 2025ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց նոր տարուայ առաջին ընդհանուր հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր շրջաններէ ժամանած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ։
Վերջին ունկնդրութեան` որ կայացաւ 18 Յունուար 2024ին, Սրբազան Պապը սկիզբ տուած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» վերտառութեամբ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը եւ այսօր Ան ուզեց օրուան խորհրդածութիւնը նուիրել մանուկներուն եւ յատկապէս մանկական աշխատանքին։
Խոցուած ու վիրաւոր մանուկներ
«Փաստօրէն, այսօր մենք գիտենք մեր հայեացքը ուղղել դէպի Մարս կամ վերիրական աշխարհներ, բայց դժուարութիւն ունինք լուսանցքի մէջ մնացած երեխայի աչքերուն մէջ նայելու, որ ենթարկուած է շահագործումի և բռնութեան: Արհեստական բանականութիւնը ստեղծող և բազմամոլորակային գոյութիւն ծրագրող դարը տակաւին չէ հաշտուած նուաստացած, շահագործուած, մահացու վիրաւորուած մանկութեան ժանտախտի հետ», ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ասկէ մեկնելով յղում կատարեց Աստուածաշունչին, ուր` ըսաւ Ան, հետաքրքրական է նշմարել, թէ ամենաշատ օգտագործուած «Եահվէ» բառէն ետքը «վեց հազար ութ հարիւր անգամ» կայ «զաւակ – որդի» բառը, գրեթէ հինգ հազար անգամ։
Մանուկները Աստուծոյ պարգեւ
«Զաւակները Աստուծոյ պարգեւն են, դժբախտաբար սակայն այս պարգեւը միշտ ալ յարգանքի չէ արժանացած» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը միշտ յղում կատարելով Աստուածաշունչին ու անմեղներու լացին ու տառապանքին ապա հրաւիրեց մտածել` թէ «որքան մանուկներ այսօր եւս կը մեռնին սովի եւ դժուարութիւններու պատճառաւ կամ յօշոտուած ռումբերէ» եւ մատնանշեց` թէ նորածին Յիսուսի վրայ եւս վրայ հասաւ Հերովդէսի բռնութեան փոթորիկը, որ սպաննել տուաւ Բեթղեհէմի անմեղ մանուկները։
«Մութ ողբերգութիւն մը` որ կը կրկնուի պատմութեան մէջ այլ ձևերով» յարեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով Սուրբ Ընտանիքի պանդխտութեան ու օտար երկրի մը մէջ անոնց գաղթականական վիճակին, ինչպէս կը պատահի նաեւ այսօր բազմաթիւ մարդոց ու մանուկներուն։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սահմանուած է մանուկներուն
Իր հրապարակային կեանքին մէջ Յիսուս կը քարոզէր քաղաքէ քաղաք եւ օր մը անոր մօտ կու գան մի քանի մայրեր անոր ներկայացնելով իրենց մանուկները, որպէսզի օրհնէ զանոնք, բայց աշակերտները կը յանդիմանէն զանոնք եւ Յիսուս խզելով աւանդութիւնը, որ մանուկները որպէս առարկայ կը համարէր, իր աշակերտներուն կ՛ըսէ. «Թող տուէք այդ մանուկներուն որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Այլ մէկ հատուածի մէջ Յիսուս մանուկ մը առնելով կ՛ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ այս մանուկներուն պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մատթ. 18,3)
Մանուկները չյարգող տնտեսութիւն
«Այսօր եւս, շատ են այն մանուկները. որոնք ստիպուած են աշխատիլ։ Բայց մանուկ մը. որ չի ժպտար ու չ՛երազեր, չի կրնար ճանչնալ եւ աճեցնել իր տաղանդները» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով` որ, «Աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կան շահագործուած մանուկներ, որոնք թիրախ են կեանքը չյարգող տնտեսութեան մը … որ կը հրկիզէ մեր յոյսի ու սիրոյ ամենամեծ աւանդը»։
Անտարբեր չմնալ
«Եղբայրներ եւ քոյրեր ան` որ ինքզինք կը ճանչնայ Աստուծոյ զաւակ եւ յատկապէս ան որ ուղարկուած է միւսներուն տանելու Աւետարանի աւետիսը, չի կրնար անտարբեր մնալ, չի կրնար ընդունիլ որ իր փոքրիկ եղբայրներն ու քոյրերը, փոխանակ սիրուած ու պաշտպանուած ըլլալու, անոնցմէ խլուած տեսնէ իրենց մանկութիւնը, անոնց երազները, թիրախ չարաշահումի եւ լուսանցքայինումի» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց. «Տիրոջմէ հայցել` որ մեր սրտերն ու մտքերը բանայ խնամքի ու քնքշութեան եւ որ իւրաքանչիւր մանուկ կարողանայ աճիլ տարիքով, իմաստութեամբ ու շնորհքով, ընդունելով եւ նուիրելով սէր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ