Որոնել

«Բացուինք ունկնդրութեան՝ խուսափինք խուլ սրտէն». 5 սեպտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Երկխօսութեան վերածնունդը յաճախ հետեւանքն է ոչ թէ խօսքերուն այլ լռութեան, համբերութեամբ սկսելով ունկնդրել միւսը, անոր յոգնութիւնները։ Սրտին բուժումը սկիզբ կ՜առնէ ունկնդրութիւնէն»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօրուան ծիսական աւետարանը կը ներկայացնէ Յիսուսը, որ խուլ ու համր մարդ մը կը բժշկէ»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 5 սեպտեմբերի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, զոր սովորութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն եւ որուն առթիւ մեկնաբանեց Մարկոս Աւետարանիչէն  քաղուած (Մարկ 7, 33-34) հետեւեալ հատուածը.

«Յիսուս զանիկա ամբոխէն դուրս մէկ կողմ առնելով` մատները անոր ականջին մէջ դրաւ, եւ թուքով անոր լեզուին դպաւ. երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ. «Եփփաթա՛», որ ըսել է` Բացուէ՛։

«Այդ մարդը չէր կարող խօսիլ, որովհետեւ չէր կարող  լսել…Եւ Յիսուս բուժելու համար անոր դժկամութեան պատճառը մատերը կը դնէ անոր ականջներուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «բոլորս ականջներ ունինք,  սակայն յաճախ չենք յաջողիր լսել։ Կայ ներքին խուլութիւն մը,  որուն համար այսօր կրնանք դիմել Յիսուսին որպէսզի դպչի անոր ու բժշկէ։ Անիկա աւելի վատ է քան ֆիզիկական խուլութիւնը՝ սրտին խուլութիւնն է» յարեց Սրբազան Պապը։

Ժամանակ յատկացնել ուրիշներու ունկնդրութեան

«Յաճախ ներգրաւուած հազար ու մէկ բաներով ժամանակ չենք գտներ կանգ առնելու ու մտիկ ընելու անոր որ կը խօսի։ Վտանգը կայ, որ դառնանք անջրանցիկ ու առիթ չի ընծայենք անոնց, որոնք կարիքը ունին ունկնդրութեան, կը մտածեմ  զաւակներուն, երիտասարդներուն, տարեցներուն ու այն բազմաթիւ մարդոց, որոնք շատ ալ խօսքերու եւ յորդորներու կարիքը չունին որքան կարիքը ունկնդրութեան»,  ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը,  որ հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու, թէ «ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր ունկնդրութեան կարողութիւնը» եւ եթէ «գիտե՞նք ժամանակ յատկացնել մեր շուրջիններուն»։

«Այս մէկը կը վերաբերի բոլորին բայց մասնաւորպէս Քահանաներուն, որոնք պէտք է ըլլան ունկնդրութեան մարդիկ» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով սորվիլ ունկնդրել։

Սրտին բուժումը սկիզբ կ՜առնէ ունկնդրութիւնէն

«Երկխօսութեան վերածնունդը յաճախ հետեւանքն է ոչ թէ խօսքերուն այլ լռութեան, համբերութեամբ սկսելով ունկնդրել միւսը,  անոր յոգնութիւնները։ Սրտին բուժումը սկիզբ կ՜առնէ ունկնդրութիւնէն», հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ այս բանը վաւեր է նաեւ Տիրոջ հետ։ «Մենք լաւ կ՛ընենք,  որ զայն կը ողողենք խնդրանքներով սակայն աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ նախ եւ առաջ ունկնդրէինք զինք» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

 Հոգեկան առողջութեան գաղտնիքը լռելեան աղօթքն է

Աւետարանին մէջ Յիսուսին հարց կու տան ո՞րն է առաջին պատուիրանը ու Ան կը պատասխանէ «Լսէ Իսրայէլ…»,  ապա կ՛աւելցնէ «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովս…եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մարկոս 12, 28-31)։ Ան նախ եւ առաջ կ՛ըսէ «Լսէ»։ «Մենք ալ կը յիշե՞նք մենք մեզ դնել անոր ունկնդրութեան տակ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը  ու հաստատեց՝ «Յիսուսը Բանն է ու եթէ կանգ չառնենք զայն ունկնդրելու համար ան կ՜անցնի կ՛երթա՛յ։  Սուրբ Օգոստինոսը կ՛ըսէր «ես վախ ունիմ որ Տէրը անցնի երթայ»։ Բայց եթէ ժամանակ յատկացնենք Աւետարանին, մենք մեր հոգեկան առողջութեան գաղտնիքը գտած պիտի ըլլանք։ Դեղը աղօթքն է. Ամէն օր քիչ մը լռութիւն եւ ունկնդրութիւն, նուազ ունայն խօսքեր ու առաւել Աստուծոյ խօսք։

Յիսուս կը փափաքիմ բացուիլ Քու Խօսքիդ

Մենք ալ այսօր զգանք որ Յիսուս մեզի կ՛ուղղէ այդ խօսքը «Եփփաթա՝Բացուէ՛» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթելով Տիրոջ. «Յիսուս կը փափաքիմ բացուիլ Քու Խօսքիդ, բացուիլ ունկնդրութեան։ Բուժէ սիրտս փակումէն, անհամբերութիւնէն ու արագընթացութենէն»։

Սուրբ Կոյս Մարիամը թող մեզի օգնէ ամէն օր Աւետարանին մէջ ունկնդրելու իր Զաւակը ու նաեւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը հլու համբերատար եւ ուշադիր սրտով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >