Որոնել

Մարեմեան աղօթք։ «Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմած սէրն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Աստուծոյ արդարութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է, անոր նպատակը յանցաւորին դատապարտումը չէ այլ անոր փրկութիւնը եւ վերածնունդը, զայն արդար դարձնելը։ Սէրէն բխած արդարութիւն մըն է։ Աստուծոյ արդարութիւնը չուզեր պատիժներ բաժնել այլ ինչպէս կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ ան կը կայանայ` մեզ իր զաւակները արդար դարձնելու մէջ, (տես Հռոմ. 3.22-31), մեզ ազատել չարի որոգայթներէն, բուժել, եւ դարձեալ վերականգնել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր կը տօնախմբենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին մկրտութիւնը եւ աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ զարմանալի տեսարան մը` առաջին անգամն է որ Յիսուս կը յայտնուի հանրութեան, Նազարէթին մէջ ապրած թաքուն կեանքէն ետքը։ Ան կու գայ Յորդանանի գետափը մկրտուելու համար Յովհաննէս Կարապետէն (Մատթ. 3, 13-17)։ Ասիկա ծէս մըն էր, որով մարդիկը կը զղջային եւ յանձնառու կ՛ըլլային ապաշխարութեան։ Իրապէս զարմանք կը պատճառէ թէ ինչու Յիսուս կը խառնուի մեղաւորներուն հետ։ Ինք` Աստուծոյ Սուրբը, առանց մեղքի, Աստուծոյ Որդին» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 8 Յունուարի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան զոր ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն խոկալով այսօր յիշատակուող Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան դէպքի մասին։

Զարմանք պատճառող դէպք

Այս զարմանք պատճառող դէպքին պատասխանը կու տայ նոյնինքն Յիսուս. «Թոյլ տուր, յարմար է, որ այսպէս կատարենք ամէն արդարութիւն»։

«Ի՞նչ ըսել է այս մէկը» հարց տուաւ Սրբազան Պապը։ Մկրտուելով Յիսուս մեզի կը յայտնէ Աստուծոյ արդարութիւնը, զոր Ինք եկաւ բերելու աշխարհ։ Մենք յաճախ շատ նեղ պատկերացում մը ունինք արդարութեան մասին ու կը մտածենք թէ ան որ կը սխալի պէտք է այդ սխալին փոխհատուցումը տայ։

Աստուծոյ արդարութիւնը` փրկութիւն եւ վերածնունդ

Բայց Աստուծոյ արդարութիւնը շատ աւելի ընդարձակ է, անոր նպատակը յանցաւորին դատապարտումը չէ այլ անոր փրկութիւնը եւ վերածնունդը, զայն արդար դարձնելը։

Սէրէն բխած արդարութիւն մըն է։ Աստուծոյ արդարութիւնը չուզեր պատիժներ բաժնել այլ ինչպէս կը հաստատէ Պօղոս առաքեալ ան կը կայանայ` մեզ իր զաւակները արդար դարձնելու մէջ, (տես Հռոմ. 3.22-31), մեզ ազատել չարի որոգայթներէն, բուժել, եւ դարձեալ վերականգնել։

Յիսուս եկաւ մեզ ազատելու համար մահուան անդունդէն փրկարար ողոմութեամբ

Ուստի Յորդանան գետին ափին Յիսուս մեզի կը յայտնէ իր առաքելութեան իմաստը, Ան եկաւ իրագործելու աստուածային արդարութիւնը, որ է մեղաւորները փրկել, Ան եկաւ իր ուսերուն վրայ առնելու աշխարհին մեղքերը եւ իջնելու անդունդին ու մահուան ջուրերուն մէջ, մեզ ազատելու համար։

Ան մեզի ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ իսկական արդարութիւնը փրկարար ողորմութիւնն է, սէրն է, որ կը բաժնեցկի մեր մարդկային կացութիւնը, կը դառնայ մօտիկ, զօրակից մեր ցաւերուն հետ, ու մեր մթութիւններուն մէջ մտնելով մեզ կը տանի լոյսին։

Յիսուս մեզ կը տանի լոյսին

Պենետիկտոս ԺԶ հաստատած է, որ «Աստուած ուզեց մեզ փրկել՝ անձամբ երթալով մահուան անդունդի յատակը, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ, նոյնիսկ անոնք որոնք այնքան յատակը ինկած են եւ որոնք այլևս չեն տեսներ դրախտը, գտնեն Աստուծոյ ձեռքը, ու անոր կառչին և խաւարէն դուրս գան տեսնելու համար լոյսը, որուն համար ան ստեղծուած է» (Քարոզ 13 Յունուարի 2008 թ.):

Եղբայրներ եւ քոյրեր մենք եւս Յիսուսին աշակերտները կանչուած ենք արդարութիւնը կիրակելու նոյն ձեւով, միւսներուն հետ մեր յարաբերութիւններու, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ, ոչ թէ կարծրութեամբ անոր` որ կը դատապարտէ մարդիկը, կիսելով բարիի եւ չարի միջեւ, այլ ողորմութեամբն անոր, որ կ՜ընկալէ կիսելով եղբայրներուն եւ քոյրերուն վէրքերը եւ դիւրաբերութիւնները, որպէսզի զանոնք վերականգնէ։

Արդարութիւնը կիրարկել Յիսուսին ոճով

Եկէք Յիսուսին պէս բաժնեկցինք, կրենք մէկը միւսին բեռը, իրարու նայինք կարեկցանքով, օգնենք մէկը միւսին փոխադարձաբար: Հարց տանք՝ ես բաժնող կամ կիսող մարդ եմ», նշեց Սրբազան Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել։ Աստուածամօր, որ ծնունդ տուաւ Յիսուսին, զայն մխրճելով մեր դիւրաբեկութեան մէջ, որպէսզի մենք` նորէն կեանք ունենանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2023, 12:12

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >