Որոնել

2023.01.01 Angelus

Ֆրանչիսկոս Պապը Պենետիկտոս ԺԶ յանձնեց Մարիամի հովանիին ու հրաւիրեց յանձնառու ըլլալ հոգատարութեան մէջ։

«Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք, որ Նոր տարին ըլլայ բարի, եթէ կ՜ուզենք յոյսը կառուցել, պէտք է հրաժարիլ այն բարբառներէն, արարքներէն եւ ընտրանքներէն, որոնք ներշնչուած են եսասիրութենէն ու սորվինք սիրոյ ոճը, որ է հոգ տանիլ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նոր տարուայ մը սկիզբը վստահուած է Ամենասուրբ Մարիամին, զոր այսօր կը տօնախմբենք, որպէս Մայր Աստուծոյ։ Այս ժամերուն հայցենք Անոր բարեխօսութիւնը յատկապէս վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶին համար, որ երէկ առաւօտեան հեռացաւ այս աշխարհէն։ Միանանք բոլորս միասին, մէկ սրտով ու մէկ հոգիով, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար, Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ այդ հաւատարիմ ծառային պարգեւին համար». Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 2023 տարուայ առաջին Մարեմեան Աղօթքին խորհրդածութիւնը, զոր Ան ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, անգամ մը եւս յիշելով իր նախորդը` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որ երէկ առաւօտեան լքեց այս աշխարհը ու վերադարձ կատարեց Երկնային Հօր տունը։

Սուրբ Կոյս Մարիամին ոճը` մայրութեան ոճ

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Խորհուրդին վրայ` Սուրբ Կոյս Մարիամին, որ իր գիրկին մէջ գրկած է Յիսուսը, անխօս։

«Ան զարմանքով կ՜ընկալէ խորհուրդը զոր ինք կ՜ապրի, եւ ամէն բան կը պահէ իր սրտին մէջ, ու կը զբաղի մանուկով, որ խնամքով դրուած է մսուրին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, թէ այս մէկը կը բացայայտէ Մարիամին ոճը, որ մայրութեան ոճն է` քնքշութեամբ հոգ տանիլ Մանուկին։

Քնքշութեամբ հոգ տանիլ Մանուկին

«Այս է Մարիամին մեծութիւնը, մինչ հրեշտակները տօնախմբութեան մէջ են, հովիւները կը փութան ու բոլորը Աստուած կը փառաբանեն պատահած իրադարձութեան համար, Մարիամը չի խօսիր, Ան հիւրերուն չի պատմեր պատահածը, ան տեսարանի դերակատարը չի դառնար, ընդհակառակը, Մանուկը կը զետեղէ կեդրոնանան տեղ, սիրով հոգ տանելով Անոր» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Ասիկա մայրութեան յատկանշական ոճն է»։

Սորվինք սիրոյ ոճը

Ասկէ մեկնելով ան մատնանշեց բոլոր մայրերուն, որոնք միշտ իրենց ուշադրութեան որպէս կեդրոն կ՜ընտրեն իրենց զաւակները ապա նշեց որ Մարիամ մեզի կը յիշեցնէ, թէ «եթէ իսկապէս կ՛ուզենք, որ Նոր տարին ըլլայ բարի, եթէ կ՜ուզենք յոյսը կառուցել, պէտք է հրաժարիլ այն բարբառներէն, արարքներէն եւ ընտրանքներէն, որոնք ներշնչուած են եսասիրութենէն ու սորվինք սիրոյ ոճը, որ է հոգ տանիլ»։

Հոգ տանիլ կեանքին, ուրիշներուն, արարչագործութեան

«Ասիկա է յանձնառումը. Հոգ տանիլ մեր կեանքին, մեր ժամանակին, մեր հոգիին, հոգ տանիլ արարչագործութեան եւ շրջապատին, որուն մէջ կ՜ապրինք ու նաեւ հոգ տանիլ մերձաւորին, անոնց զոր Տէրը կը դնէ մեր մօտ, ինչպէս նաեւ եղբայրներուն եւ քորերուն, որոնք կարիքաւոր են, ու կը հայցեն մեր ուշադրութիւնը եւ մեր գթութիւնը։ Նայելով Տիրամօր մինչ հոգ կը տանի Մանուկին, մենք կը սորվինք հոգ տանիլ ուրիշներուն, հոգ տանիլ նաեւ մեզի, խնամելով մեր ներքին առողջութիւնը, հոգլւոր կեանքը, սէրը»։

Կարող դառնանք ըլլալու կարեկից եւ հոգատար

Տօնախմբելով այսօր Խաղաղութեան համաշխարհային օրը, վերանորոգենք պատասխանատուութիւնն ու գիտակցութիւնը, թէ մեզի յանձնուած է ապագան կերտել, ի տես անհատական ու ընկերային տագնապներուն, որոնց մէջ կ՜ապրինք, պատերազմի ողբերգութեան դիմաց, «կոչուած ենք դիմագրաւելու մեր աշխարհին մարտահրաւէրները, պատասխանատուութեամբ եւ կարեկցութեամբ (Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ օրուայ պատգամ, 5)։

«Եւ այս կարող ենք ընել միայն, եթէ հոգ տանինք մէկը միւսին եւ եթէ բոլորս միասին հոգ կը տանինք մեր հասարակաց տունին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամին, Աստուածամօր դիմել աղերսով որպէսզի այս դարաշրջանին, որ ապականած է անտարբերութեամբ եւ անվստահութեամբ, մեզ կարող դարձնէ կարեկից եւ հոգատար ըլլալու, կարող « յուզուելու եւ կանգն առնելու միւսին առջեւ ամէն անգամ որ այդ մէկը անհրաժեշտ ըլլայ» ըսաւ Ան եզրափակելով նոր տարուան Մարեմեան աղօթքը առաջին խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2023, 12:13

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >