Որոնել

1661079474544.jpg

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. Աստուած Հայր է` որ միշտ մեզ կը փնտռէ

«Ան որ կը սիրէ կը մտահոգուի անով, որ կը պակսի, կարօտը ունի բացակային, կը փնտռէ կորսուածը, ու կը սպասէ անոր` որ հեռացաւ, որովհետեւ չուզեր, որ ոչ մէկը կորսուի»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը ներկայացնէ ողորմութեան հայող երեք առակներ (Ղուկ. 15,4-32)։ Յիսուս զանոնք կը պատմէ պատասխանելու համար փարիսեցիներու եւ դպիրներու մրմնջումներուն, որոնք կ՜ըսէին. «Այս մարդը ինչո՞ւ մեղաւորները կ՛ընդունի եւ անոնց հետ կ՛ուտէ»։ Յիսուս ընկալելով մեղաւորները եւ անոնց հետ ուտելով մեզի կը յայտնէ, որ Աստուած այդպէս է, Ան ոչ մէկը կը բացառէ, եւ կը փափաքի, որ բոլորը մասնակցին իր սեղանին, որովհետեւ Ան բոլորը կը սիրէ որպէս զաւակներ»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 11 սեպտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան, որ սովորութեան համաձայն ներկայացուց Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աստուած Հայր է որ չուզեր որ մենք կորսուինք

«Երեք առակները կ՛ամփոփեն Աւետարանի սիրտը. Աստուած Հայր է, եւ Ան կու գայ մեզ փնտռելու ամէն անգամ, երբ մենք կը կորսուինք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Առակներուն դերակատարները, որոնք Աստուած կը ներկայացնեն, Հովիւ մըն է` որ կորսուած ոչխարը կը փնտռէ, կին մըն է` որ կորսուած դրամը կը գտնէ եւ Հայր մը, որ կը սպասէ անառակ որդւոյն դարձին։ Երեքն ալ բան մը կը կորսնցնեն ու թէեւ կարող էին առանց այդ բանին ալ ապրիլ, իրենց սիրտը անհանգիստ է կորսուածին համար» դիտել տուաւ Քահանայապետը։

«Ան որ կը սիրէ կը մտահոգուի անով, որ կը պակսի, կարօտը ունի բացակային, կը փնտռէ կորսուածը, ու կը սպասէ անոր` որ հեռացաւ, որովհետեւ չուզէր, որ ոչ մէկը կորսուի» աւելցուց Ան մատնանշելով, որ «Աստուած եւս մտահոգ է երբ կը հեռանանք Իրմէ, կը ցաւի եւ շարժումի մէջ կը դնէ ինքզինք` մեզ փնտռելու համար, մինչեւ որ դարձեալ իր բազուկներուն մէջ գրկէ զմեզ»։

Հետեւինք Յիսուսին` մտահոգուինք անով` որ հեռացած է

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց առ այդ, մենք մեզի հարց տալու եթէ կը նմանինք Տիրոջ ու կը վարուինք Անոր նման, եթէ կը մտահոգուինք անով` որ հեռու է։

Առակին հովիւը չի մտածեց, թէ ինք ունի այլ ինիսունինը ոչխարներ եւ կարեւոր չէր կորսուած այդ մէկ ոչխարը փնտռել։ Ան գնաց ու փնտռեց զայն։ «Մենք ալ նոյնը կը կատարե՞նք» հարց տուաւ Սրբազան Պապը։ «Մենք հեռաւորները կը ներքաշենք Աստուծոյ ոճի գործադրութեամբ, որ է մօտիկութիւն, գթութիւն, քնքշութիւն» հարց տուաւ դարձեալ Ան եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ «Հայրը մեզմէ կը խնդրէ ուշադիր ըլլալ այն իր զաւակներուն, որոնց կը կարօտի ամենէ շատ» ապա հրաւիրեց մտածել մեզի ծանօթ անձի մը, որ ոչ մէկէն լսած է խօսքը. «Գիտե՞ս։ Դուն կարեւոր ես Աստուծոյ համար»։

Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել Տիրամօր, մայր` որ երբեք չի յոգնիր մեզ փնտռելէ ու հոգ տանելու մեզի` իր զաւակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2022, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >