Որոնել

«Հունտը փոքր է բայց բոյսերը կ՛աճեցնէ` չյոգնինք Աւետարանին սերմը սերմանելէ». Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւն

Սերմնացանին առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Յուլիս 2023ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին աւանդութեան համաձայն մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. 13,1-23) ,ուր Յիսուս իր Խօսքին պարգեւը նկարագրելու համար կը ներկայացնէ սերմնացանին առակը։

Յիսուս բարի սերմնացանը

«Պատկերացնենք սերմը, անիկայ փոքր է, գրեթէ անտեսանելի, բայց կ՛աճեցնէ բոյսերը, որոնք պտուղ կը պարգեւեն։ Աստուծոյ Խօսքը նման է ասոր, մտաբերենք Աւետարանը, փոքրիկ գրքոյկ մը, պարզ եւ բոլորին հասանելի, որ նոր կեանք կ՛արտադրէ` անոր  մէջ, որ զայն կ՛ընկալէ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «եթէ Խօսքը սերմն է մենք հողն ենք» եւ «Յիսուս բարի սերմնացանն է, որ երբեք չի յոգնիր սերմը ցանելու առատութեամբ»։

«Մենք ալ նման Տիրոջ կոչուած ենք սերմանելու առանց յոգնելու» յարեց ապա Քահանայապետը օրինակներ ներկայացնելով այս առնչութեամբ։

Ծնողները բարին ու հաւատքը կը սերմանեն

Նախ եւ առաջ ծնողներուն օրինակը, որոնք բարին ու հաւատքը կը սերմանեն իրենց զաւակներուն մէջ եւ կոչուած են այդ ընելու առանց վհատելու, նոյնիսկ երբ կը թուայ` որ այս վերջիններս չեն գնահատեր այդ մէկը։ «Բարի սերմը կը մնայ եւ այս է կարեւորը» ըսաւ Սրբազան Պապը զգուշացնելով ծնողները «վհատութեան յանձնուելէ եւ հրաժարելէ սերմանումէն, իրենց զաւակները լքելով իրենց ճակատագրին։

Երիտասարադներուն աղօթքը եւ ուրիշներուն ժամանակ յատկացնելը 

«Այդ ժամանակ պարարտ հողը պիտի լեցուի խոտերով» ըսաւ Քահանայապետը ապա որպէս երկրորդ օրինակ ներկայացուց երիտասարդները որոնք կարող են սերմանել աղօթելով, որով Յիսուսին կը յանձնեն իրենց ապրածը որպէսզի Ան հասուն դարձնէ զայն։ Այս մէկը կարող են ընել նաեւ իրենց ժամանակը տրամադրելով ուրիշներուն, անոնց որ աւելիով կարիքաւոր են, այդ մէկը արդարեւ սուրբ ժամանակ է… ապա ուսմունքը, որ յոգնեցուցիչ է եւ անմիջական արդիւնք չի տար բայց հիմնական է կառուցելու համար ապագան, նման է սերմանումին։

Աւետարանին սերմը

Այլ օրինակ մը Աւետարանի սերմանողներն են` բարի քահանաները կրօնաւորները, յանձնառու աշխարհականները, որոնք կ՜ապրին եւ Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզեն առանց յաճախ անմիջական յաջողութիւններ արձանագրելու։ Բայց չի մոռնանք թէ երբ մենք Խօսքը կը հռչակենք Սուրբ Հոգին է, որ կը գործէ եւ Աստուծոյ Արքայութիւնը արդեն աճումի մէջ է մեր ջանքերու ընդմէջէն եւ անոնցմէ անդին։

«Ասոր համար յառաջ ուրախութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով յիշել «այն անձերը, որոնք Աստուծոյ Խօսքը դրին մեր կեանքին մէջ» ու նաեւ հարց տալու. «Լաւ սերմանողնե՞ր ենք։ Աւետարանի սերմը կը նետե՞նք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Կը վհատի՞նք կամ Յիսուսին նման կը շարունակենք սերմանել, նոյնիսկ եթէ պտուղները անմիջական չեն։ Թող` որ Մարիամը մեզի օգնէ ըլլալու Բարի Լուրի վեհանձն եւ ուրախ սերմանողներ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2023, 12:16

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >