Որոնել

Քառասնորդացը պահն է խորհերու մեր սրտին մէջ գտնուող վայրի գազաններու եւ հրեշտակներու մասին. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Վայրի գազանները եւ հրեշտակները Յիսուսին ընկերակիցներն էին բայց խորհրդանշական իմաստով անոնք մեր ալ ընկերակիցներ են», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը նկատելով տալով, թէ այդ վայրի գազանները կարող են ըլլալ անկարգ մոլութիւնները... ինչպէս, հարստութեան տենչը, որ մարդը կը բանտարկէ հաշուարկներու և դժգոհութեան մէջ, հաճոյքի ունայնութիւնը, որ մեզ կը դատապարտէ անհանգստութեան և մենակութեան, ապա փառքի ժլատութիւնը, որ կը յառաջացնէ անապահովութիւն և հաստատման շարունակական կարիք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուս քառասուն օրեր մնաց անապատին մէջ եւ փորձուեցաւ սատանայէն»։ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Կիրակի 18 Փետրուար 2024ի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան, զոր Ան սովորութեան համաձայն ներկայացուց առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

«Մենք ալ այս քառասնորդացի ընթացքին կոչուած ենք մուտք գործելու անապատ, այսինքն լռութեան մէջ, մեր ներաշխարհին մէջ, ունկնդրելով սիրտը, ճշմարտութեան հետ շփումի մէջ, ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Աւետարանի այլ մէկ նախադասութիւնը. Անապատին մէջ Քրիստոս «վայրի գազաններուն հետ էր եւ հրեշտակները կը ծառայէին իրեն»։

Վայրի գազանները

«Վայրի գազանները եւ հրեշտակները Յիսուսին ընկերակիցներն էին բայց խորհրդանշական իմաստով անոնք մեր ալ ընկերակիցներ են, եւ երբ մենք մտնենք ներքին անապատ կարող ենք հանդիպիլ վայրի գազաններու եւ հրեշտակներու», ըսաւ Սրբազան Պապը նկատելով տալով, թէ այդ վայրի գազանները կարող են ըլլալ անկարգ մոլութիւնները, որոնք կը բաժնեն մեր սիրտը ջանալով անոր տիրանալ... ինչպէս, հարստութեան տենչը, որ մարդը կը բանտարկէ հաշուարկներու և դժգոհութեան մէջ, հաճոյքի ունայնութիւնը, որ մեզ կը դատապարտէ անհանգստութեան և մենակութեան, ապա փառքի ժլատութիւնը, որ կը յառաջացնէ անապահովութիւն և հաստատումի շարունակական կարիք։

«Բոլորն ալ վայրի գազաններ, որոնց դէմ հարկ է պայքարին, այլապէս անոնք կը կլանեն մեր ազատութիւնը։ Հարկ է անապատ երթալ, որպէսզի անդրադառնանք թէ գոյութիւն ունին ու զանոնք դիմագրաւենք» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Քառասնորդացը պահն է այս մէկը ընելու։

Հրեշտակները

Խօսելով հուսկ հրեշտակներու մասին Նորին Սրբութիւնը զանոնք ներկայացուց որպէս Աստուծոյ պատգամաւորները, որոնք մեզի կ՛օգնեն։ «Անոնց յատկութիւնը արդարեւ ծառայութիւնն է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Մինչ փորձութիւնները մեզ կը յօշոտեն, աստուածային բարի ներշնչումները մեզ կը միացնեն ներդաշնակութեան մէջ, կը հանդարտեցնեն սիրտը, կը տարածեն Երկնքի համը։  «Ասոր համար ալ սակայն պէտք է լռութիւն պահել ու մտնել աղօթքին մէջ եւ քառասնորդացը պահն է այս մէկը ընելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով մենք մեզ հարցաքննելու մեր սիրտը խռովող «վայրի գազաններու մասին», ապա թոյլ տալու` որ «Աստուծոյ ձայնը խօսի մեր սրտին», քաշուելով անապատ։

«Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ պահպանեց Բանը եւ թոյլ չի տուաւ, որ չարին փորձութիւնները իրեն դպչին, թող մեզի օգնէ այս ուղեւորութեան մէջ» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2024, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >